Մարեմեան աղօթք։ Ֆրանչիսկոս Պապին մտահոգութիւնն ու կոչը վասն Եթովպիային
«Կը հրաւիրեմ բոլորը աղօթելու այդ ժողովուրդներուն համար, որոնք ծանրապէս վիրաւորուած են ու կը նորոգեմ կոչս որպէսզի գերակշռեն եղբայրական հաշտութիւնը եւ երկխօսութեան խաղաղ ճանապարհը»Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի 7 նոյեմբեր 2021ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն, մտահոգութիւն յայտնեց ի տես Ափրիկեան տարածաշրջանէն հասած լուրերուն, «մասնաւորապէս Եթովպիայէն» ըսաւ Ան «որ ցնցուած է հակամարտութենէ մը, որ կը շարունակուի մէկ տարի ի վեր եւ որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր ու մարդասիրական ծանր տագնապ մը»։
Կոչ վասն Եթովպիայի
«Կը հրաւիրեմ բոլորը աղօթելու այդ ժողովուրդներուն համար, որոնք ծանրապէս վիրաւորուած են ու կը նորոգեմ կոչս որպէսզի գերակշռեն եղբայրական հաշտութիւնը եւ երկխօսութեան խաղաղ ճանապարհը» ըսաւ Սրբազան Պապը իր աղօթքները
ապահովեցնելով նաեւ Սիեռա Լէոնէի մայրաքաղաք` Ֆրիթաունի արուարձաններուն մէկուն մէջ վառելանիւթի պայթումի պատճառաւ բռնկուած հրդեհի զոհերուն։
Երեք հաւատքի վկաներու երանացումը
Նորին Սրբութիւնը յիշեց երէկ Սպանիայի Մանրէզա քաղաքին մէջ հաւատքի երեք մարտիրոսներու երանացման արարողութիւնը։ Երեք նոր երանելիներ, որոնք կը պատկանէին Քափուչին միաբանութեան Կրցեր եղբայրներու միաբանութեան, Benet de Santa Coloma de Gramenet, Josep Oriol de Barcelona e Domènech եւ Sant Pere de Riudebitlles, «որոնք սպաննուեցան անցեալ դարու Սպանիայի մէջ տեղի ունեցած կրօնական հալածանքներուն ժամանակ, ցոյց տալով` թէ իրենց Քրիստոսին քաջ եւ հեզ վկաներն են», ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով, որ «անոնց օրինակը օգնէ այսօրուան քրիստոնեաներուն` հաւատարիմ մնալու իրենց կոչումին, նոյնիսկ փորձանք պահերուն»։Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց ծափահարութեամբ ընկալել նոր երանելիներուն երանացման լուրը, հուսկ ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբուած ու տարբեր վայրերէ ժամանած հաւատացեալները, բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։
