Երուսաղեմի Հայ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկյանը դատապարտում է Մայր Աթոռի դեմ տեղի ունեցածը

Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Նորին Ամենապատութիւն Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան կը դատապարտէ Մայր Աթոռի մէջ երէկ տեղի ունեցածը.

 

«Խոր ցաւով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, ապա Վեհարանի տարածք խուժելու եւ հոն անդէպ իրավիճակ առաջացնելու մասին: Չէինք կարծէր, թէ հարցը ի վերջոյ հոդ կը հասնի, սակայն իրականութիւնը կարծէք պայթեցաւ յանկարծ, ռումբի մը չափ ուժգին եւ ցնցիչ սաստկութեամբ:

 

Կացութիւնը անդառնալի վիճակի մը հասած է, սակայն կոչ կ’ընենք անյապաղ երկուստեք նահանջել, գէթ կանգ առնել այն կէտին՝ ուր մեզ հասցուցած են վերջին դէպքերը։ Եւ կանգ առնել՝ հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ, առանց նոր լարուածութիւն ստեղծելու, սթափ եւ զուսպ հոգիով, այլապէս այս ճանապարհը, եթէ շարունակուի, մեզի անդունդ պիտի տանի։ Ուստի պէտք է խնայել թէ՛ Ազգը, եւ թէ՛ Եկեղեցին՝ խուսափելու համար նոր եւ աւելի ծանր աղէտներէ, Եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի մէջ նոր բաժանումներ եւ պառակտումներ ստեղծելու վտանգէն։

Share This