Արամ Ա Վեհափառը քննարկել է Միջին Արեւելքի պատերազմն ու դրա հետևանքները
Ազգային «Ազատ հոսանք» կուսակցության նախագահն այցելել է Արամ Ա Վեհափառին, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
«Այսօր` Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2026֊ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց լիբանանեան Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներուն։
Այցելութեան հիմնական նպատակը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացնել էր կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ծրագիր֊ուղեգիծ մը` Լիբանանը ներկայ քաղաքական ու տնտեսական կացութենէն դուրս բերող ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող։ Պասիլ լայնօրէն անդրադարցաւ յիշեալ ծրագիր֊ուղեգիծին մէջ նշուած կէտերուն։
Նորին Սրբութիւնը ողջունեց կուսակցութեան պատրաստած ուղեգիծը եւ Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու նկատմամբ անոր ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը։ Ապա, Հայրապետը, իր կարգին, իր տեսակէտները պարզեց պատրաստուած ուղեգիծին մէջ արծարծուած նիւթերուն շուրջ։
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ փ ընդհանուր կերպով անդրադարձ կատարելու տարածաշրջանը յուզող հարցերուն, յատկապէս ամբողջ Միջին Արեւելքը ներառող պատերազմին եւ անոր ունեցած հետեւանքներուն, մասնաւորաբար Լիբանանին վրայ»։
